АРМИНФОЦЕНТР: Երկար ժամանակէ ի վեր լիցքով սպասուած 1915 թ. Մեծ Եղեռնի հարիւր ամեակի ոգեկոչումը համաշխարհային չափանիշով բաւականի յաջող անցաւ, ըստ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանի յորդորին, թէ երկրորդ փուլին հեռատէս և աւելի գիտակից ըլլալ, աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար Հայաստան, Արցախ և Սփիւռքի միահամուռ աջակցիլ:
Մանաւանդ Սփիւռքի պարագային ջլատուած վիճակէն ձերբազատուիլը հրամայական է:
Այլևս հրաժարիլ բազմազան տէսակետերէ, որ առիթ կուտայ հակառակութեան այլազան վիճաբանութեանց մինչև իսկ թշնամանքի: Անցեալին ապրեցանք եսի՛, փառքի, աթոռի, յոխորտանքի վիճակներ, այդ աղետեն եթէ չը կարողանանք փրկուիլ, եթէ չյաղթանակենք, անցեալի նման անյաջողութեան դատապարտուած ենք: Սին խօսքերով ժամանակ վատնելէ զատ, մինչև հիմա ո±ւր հասանք:
Որէմն՝ չկայ դաշնակցութիւն, չկայ հնչականութիւն, չկայ ռամկաւարութիւն և չկայ համայնաւարութիւն, չկայ Հայաստան 70-ի մօտ կուսակցութիւններ և քաղաքական խումբաւորութիւններ, որ յանձնառու ըլլան մէկ նպատակի, միանշանակ աշխատանքի, որին մենք դեռ հասած չենք բոլոր իզմերով վերջացած կազմակերպութեանց:
Ուրեմն՝ ունինք մէկ ազգային սուրբ նպատակ:
Երբ յաճախ կը խօսինք միասնականութեան մասին. Նախ, մեր ինքնագիտակցութեան գալը ստիպողական է, ըլլանք անկեղծ և շիտակ:
Ունինք երեք վարկածներ: Եթէ անոնք զատ-զատ քննենք իրենց ներկայի պարզ վիճակներով՝ առաւելութիւնները և թերութիւնները խոշորացոյցի տակ շաղախիլ և, օրուան միջազգային պայմանները նկատի առնելով, բազմաթիւ քննարկումներով ապագայի վճռական որոշումներու յանգիլ:
Ա. Հայաստան 1991 ի անկախութիւնէ յետոյ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրով աներեւակայելի ձախորդական ղեկաւարութեամբը երկիրը խառնաշփոթ վիճակի մատնուեցաւ, որուն անդրադառնալ՝ էջեր կառնէ, գրիլ չարժէ՝ գիտցողը գիտէ:
Այդ անդրադարձները մինչև օրս կը շարունակուի:
Հայաստանը, բաղդադելով անցեալին, իր դրական ռազմաւարութեամբ, ներկայի դաշինքներով, զինուորական արդիական սպառազինութեամբ ապագայի ապահովութեան երաշխիքն ունի:
Հայաստանն այսօր իր բոլոր կառոյցներով միջազգային օրենսդրութեամբ գերիշխան և ազատ օրինակելի պետութիւն մըն է:
Հասած ենք մեր հոգեկան բաւարարութեան, մեր դարերու կարօտի իրականացման:
Բ. Արցախն իր հերոսական պայքարի յաղթանակով, ղեկավարութեան յարիր արդար և յաջող ձեռնարկներով միջազգային ճանաչման և ներքին խաղաղութեամբ կը յառաջադիմի:
Գ. Սփիւռքն ունի երկու կարևոր պարտականութիւն:
Կանխիլ իր իւրացումը և յետոյ՝ Արեւմտեան Հայաստանը իր ամենամեծ հարցը կը կազմէ:
Իր տասն միլիոն զանգուածով հայութեան միացմամբ Արեւմտեան Հայաստանի տիրացման գրաւականը Սփիւռքի ուսերուն վրայ է:
Նախ՝ իւրացման դէմ իր տեւողականութիւնը ամրապնդիլ, ոյժ տալ հայախօսութեան, ուսման, զարգացման և միասնականութեամբ զօրանալ:
Կազմել Սփիւռքի յատուկ կառավարութիւն իր պատշած բոլոր նախարարութիւններով, մեր ազգային ակնկալութեանց համապատասխան խրթին հարցերու կիրարկման համար, որպէսզի հայ անձը, ժողովուրդը գիտակցի իր վարմունքին, ընելիքին և առաջադրութիւնն իրականացնելու պատրաստ ըլլալ:
Համաշխարհացման, հանրվարական, մարդկային իրաւունքներու զարգացումը առիթ կ՛ընծայեն Արեւմտեան Հայաստանի իսլամացած կամ քիւրդացած, թուրքացած հայութեան, որ այժմ ինքնագիտացման զարթօնքը կ՛ապրի, հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր տեղացի գաղտնի հայերը զիրենք երկիւղի, վախի սաղմը պատռիլ սկսած են:
Այս իրողութիւնը, երբ Հրանդ Տինք յայտնաբերեց՝ ըսելով՝ թէ իսլամացած կամ քիւրդացած, թուրքացած հայութիւնը միլիոնի կը հասնի, թուրքը կռահեց ապագայի գալիք վտանգը և առաջքը առնելու համար սպաննեց Հրանդ Տինքը: Այսպէսով ան երկրորդ ցեղասպանութեան առաջին զոհը եղաւ, երկրորդեց՝ Նշան Պալիճն:
Բայց թուրքը լաւ գիտնալու է, թէ պատմութեան ընթացքին քանի-քանի անգամներ Միջին Ասիոյ խորքերէն եկող ցեղեր Հայաստանը գրավեր են, սակայն ամէն անգամ Հայաստանը վերածնած է:
Սփիւռքի առաջնակարգ հրամայականն է՝ մին ալ իր մեծ պապերու, մեծ մայրերու ծննդավայրը եղող Արեւմտեան Հայաստանի հողերը՝ Ղարսը, Արդահանը, Էրզրումը, Մուշը, Պիթլիսը, Վանը, Թրապիզոնն ազատագրիլն է:
Այս իր մեծ հայրերու, մեծ մայրերու հոգիներու խաղաղութեան համար է, միշտ յիշել նահատակուած ատեն զգացած ցաւին, յուզմունքին, ատելութեան, ոխի, վրեժ լուծելու իղձը:
Ուրեմն այս դրութեամբ Սփիւռքը իր նախնեաց հանդէպ վիզի պարտքը ունի:
Այս պատերազմ մըն է. որ աչքի պիտի առնինք:
Թէ ինչպէս պիտի իրականանայ անմիջապէս ըսիլ, անխոհեմութիւն է: Կը կարօտի երկարատև քննարկումներ..., բազմազան օրակարգերու, տեւական համագումարներու արդիւնքով սրտացաւ հայերու միասնական, վերջնական որոշումներու և հարցերու իրագործման պատրաստութեան:
Քաղաքագետներու, քաղաքական փաստաբաններու, պատմաբաններու մօտ դիվանագիտական պրպտումներու համաձայն միջոցներու դիմելը, վերջապէս ինչ որ հարկ է այդ ձեւով վարուիլ:
Սփիռքի ամէն մի իւրաքանչիւր ընտանիք Եղեռնի ենթարկուած զոհեր ունի:
Այս իրողութիւնը մեզի մշտական խթան, խարազան պետք է ըլլայ՝ մեր յարատեւ աշխատութեան և յաղթանակի յաջողութեան համար:
Երբ Սփիւռք կ՛ըսէնք, իր ունեցած կարողութիւնը և կարեւորութիւնը պէտք չէ նսեմացնել:
Այսօր աշխարհի բոլոր մարզերու մէջ՝ Եւրոպա, Ռուսիա, Ամերիկա, Հարավային Ամերիկա և այլուր ունինք հազարաւոր միլիոնատէրեր, բավականի միլիառատէրեր:
Բոլորը զերոյով սկսած և յաջողած, իրենց պատկանած ազգին, տոհմին ձիրքը, փայլը վկայող, կեանքի հազարաւոր մարզերու մէջ փայլատակող որդիները համախումբ միանալով խորհուրդի իմաստալից որոշումներով, կրնան ներկայի քաղաքական, տնտեսական խառնակ առեղծուածային դիվանախաղերու յարմար յելոյթներ գտնել:
Արեւմտեան Հայաստանը մեր գերագոյն նպատակն է: Իրականացնել և տէր կանգնիլ:
Այս է ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ:
Նազարէթ Սրմաքեշեան
Շվեյցարիա,
22.06.2015թ.
|