АРМИНФОЦЕНТР: Заявление Национального Совета Западной Армении от 25.02.2015 года о ситуации на северо-востоке Сирии
Ըստ վէրջին տեղեկութիւններուն, քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան տակ գտնուող, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի երեք գիւղերու տեղացի 90 բնակիչներ առեւանգուած են ճիհատիստ ահաբեկիչներու կողմէ:
Ճիհատիստ ահաբեկիչներու խումբ մը յարձակման ենթարկած է, «Դալ Դամր», «Դալ Շամիրամ», «Դալ Հերմուզ» Հասագէ շրջանի երեք քրիստոնիայ գիւղեր, որ կը գտնուին Գամշլիի հարաւը, այնտեղ առեւանգած են տասնեակ բնակիչներ, սպաննած չորս եւ վիրաւորած մի քանի տասնեակ բնակիչներ, քրտական ժողովուրդային պաշտպանութեան ուժերը ի վիճակի չեն պաշտպանելու շրջանի բնակիչները եւ ամբողջ տարածաշրջանը (ապացոյց՝ տեղի ունեցածը), անհրաժեշտ է վերանայիլ բնակչութեան ընդհանուր պաշտպանութեան մարտավարութիւնը այս տարածաշրջանի մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ բոլոր կողմերուն համախմբել հայկական ու քրիստոնեական ուժերը եւ զինուորական ընդհանուր պատրաստուածութիւն տալ հայրենասիրական ուժերուն:
Արեւելքի քրիստոնեաները, հայերը, ասորիները, քաղդիացիները, սիրիանիները, ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի տակ են:
Գէրտէրութիւները եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւները իրենց տկար կեցուածքով որոշած եւ ընտրած են թոյլ տալ, որ արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը արմատախիլ ըլլա իր դարաւոր սրբավայրերէն:
Միայն ամբողջ աշխարհի սփիւռքը կրնայ համախմբել, հաւատք եւ կարելիութիւն տալ քրիստոնեական պաշտպանութեան ուժերուն պայքարելու միասին:
Ընտրել, հրաժարիլ մեր հողերու վրայ ապրելէ եւ աքսորի ճամբան ընտրելը, բնական եւ շիտակ լուծում չէ. աշխարհի մէջ ոեւէ մեկը ապահով չէ ահաբեկիչներէ:
Մեր բոլոր ջանքերը պէտք է կեդրոնանան ռազմական կառոյցներ ստեղծելու եւ բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակին, այս կառոյցը պէտք է կազմակերպէ քրիստոնեաները միասնական ուժերով, արդէն երեք տարի է մենք կոչ կ՛ընենք բոլոր հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն արձագանգել, բայց անոնք գերադասած են մնալ լուռ եւ ի հարկ է ստանալ գումարներ, որպէս դրամական օգնութիւն:
Օգնութեան ձեռք չ՛երկարելը վտանգի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն, ապագայի համար բեռ է իր լուրջ հետեւանքներով, հետագային կարիք չկա ներկայանալու իբրեւ զոհ, քանի մենք բոլորս պատասխանատուութիւն կը կրենք այս ցեղասպանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ մեր աչքերուն առջեւ, մեր ժողովուրդին հետ:
Կը փափագիք օգնել, կապ հաստատեցէք հետեւեալ հասցեով, haybachdban@wanadoo.fr:
Արեւմտեան Հայատանի Ազգային Խորհուրդ
25.02.2015թ.
Источник: Национальный Совет Западной Армении
|