АРМИНФОЦЕНТР: ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄԸ՝ ՅՂՈՒԱԾ ԴԻՄՈՒՄԸ՝ ՅՂՈՒԱԾ ՝ ՅՂՈՒԱԾ ՊՐՆ. ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ ՊՐՆ. ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ 06689 ՉԱՆԳԱՅԱ 06689 ՉԱՆԳԱՅԱ ՉԱՆԳԱՅԱ ---- ԱՆԳԱՐԱ / ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆԳԱՐԱ / ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆԳԱՐԱ / ԹՈՒՐՔԻԱ 23.04.2013 թ. Պրն. Նախագահ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի բնաջնջման պետական ծրագիրը, որ Օսմանեան կայսրութեան օրօք ու Ձեզ նախորդող թուրքական յաջորդական հանրապետութիւններու կողմէ ի գործ դրուեցան՝՝՝՝ պատճառ հանդիսացան գրեթէ 2 միլիոն հայոց սպանդին եւ միլիոնաւոր տարագիրներու, 1894 – 1923 թթ. տարեշրջաններուն, որոնցմէ ծնած սերունդներս սփռուած ենք աշխարհով մէկ՝՝՝՝ հակառակ մեր կամքին ու ցանկութեան: Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի պատմական այս յիշողութիւնը ազգային հաւաքական անհանգստութեան պատճառ է եւ խորազդու իրողութիւն: Այս հանգամանքը կը պահանջէ խիզախ, իրապաշտ եւ իրաւական լուծումներ: Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ոչնչացման ցեղասպանական ոճրագործութիւնները, լայնածաւալ առումով, 1890-ական թուականներէն հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ բաժանման վիհ մը ստեղծած են, զոր կը խռովէ յատկապէս թուրք հասարակութեան գիտակցութիւնը, մասնաւորաբար վերջին ժամանակներուն, քանի որ թէ՛՛՛՛ մտաւորական, թէ՛՛՛՛ քաղաքական ասպարէզի գործիչները հետզհետէ առաւելաբար կ'անդրադառնան պատմական ճշմարտութեան հանդէպ անժխտելի դիրքորոշման հրամայականին: Պրն. Նախագահ, պէտք է ընդունիլ այս իրողութիւնը, անվարան: Պէտք է ընդունիլ այն փաստը, որ Օսմանեան Թուրքիան հանցաւոր է Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրակացուած ցեղասպանութեան՝՝՝՝ «մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիրի» յանցանքով, հետեւաբար այսօրուայ Թուրքիան, իբրեւ իրաւայաջորդ պետութիւն, պատասխանատու է այդ արարքի համար: Պրն. Նախագահ, թոյլ տուէք Ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու այն ճշմարտութեան վրայ, որ հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանական ոճիրը շարունակաբար տեղի ունեցած է նոյնիսկ բռնի կրօնափոխուած հայորդիներու հանդէպ, ինչպէս 1937 – 38 թուականներուն, Տերսիմի կոտորածին, որոնց հետ նահատակուեցան դարձեալ ՀԱՅԵՐ: 2 Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի յետցեղասպանութեան սերունդներս կը շարունակենք ամրօրէն կառչած մնալ մեր պահանջատիրութեան արդար հիմքերուն, եւ իրաւազրկուած հայութիւնը անպայմանօրէն իրաւահատուցում կը պահանջէ իր պատմական, մշակութային եւ ազգային բոլոր կորուստներուն համար: Ըստ այնմ, հրամայական է ընդունիլ Հայերու ցեղասպանութեան անհերքելի ճշմարտացիութեան փաստը եւ անցնիլ բաւարարելու Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի պահանջները: Այն ժամանակ միայն թուրք ժողովուրդը պիտի ազատուի պատմութեան ծանրակշիռ բեռէն՝՝՝՝ բաց ճակատով կանգնելու բոլոր այն ժողովուրդներու առաջ, որոնց կարգին կ'ուզեք դասուիլ: Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը նախորդող նամակներով Ձեր ուշադրութեան յանձնած է միջազգային արդարադատական ու մարդկային իրաւանց կառոյցներու հերթական ճանաչումները: Դրանք հետեւյալն են. Ա) Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստը կը բաժնուի երեք ժամանակաշրջաններու: 1. 1894 – 1896 թթ. Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը, 2. 1909 թ. Հայկական Կիլիկիոյ՝՝՝՝ ջարդերը, աւելի ծանօթ, Ատանայի ջարդերը, որոնք գործադրուեցան երիտթուրքերու վարչակարգի կողմէ, 3. 1915 – 1923 թթ. երիտթուրքերու եւ քեմալական կառավարութեանց կատարած ցեղասպանութիւնը: Բ) Ըստ այնմ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութենէն կը պահանջուի 1894 – 1923 թթ. հայերու դէմ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստի ամբողջական ճանաչումը, հիմնուած պատմական-իրաւական արխիւային փաստաթուղթերու վրայ: 1. 1894 – 1897 թթ. «Հայկական Հարցեր», ֆրանսական պետութեան արխիւները: 2. «1915 թ. Մայիս 24-ին Երրեակ Համաձայնութեան տէրութիւնները՝՝՝՝ Մեծն Բրիտանեան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը առաջինն էին, որոնք հանդէս եկան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ համատեղ մէկ յայտարարութեամբ, որով Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու նկատմամբ ի գործ դրուած բռնութիւններն ու ջարդերը որակեցին իբրեւ՝ Թուրքիոյ նոր ոճիրները՝ ընդդէմ մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան»: 3. 1919 թ. Կ. Պոլսոյ Ռազմական յատուկ ատեանի վճիռները: 4. 1965 – 2010 թթ. Հայերու ցեղասպանութիւնը դատապարտած պետութիւններու ցանկը: 5. 1984 թ. Ժողովուրդներու մշտական ատեանի վճիռը: 6. 1985 թ. ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի որոշումը: 3 7. 2007 թ. «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրը: 8. 2011 թ. Արժանթինի Գերագոյն ատեանի վճիռը:
Պրն. Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Արեւմտեան Արեւմտեան Հայաստանի Հայաստանի Հայաստանի Ազգային Ազգային Ազգային Խորհուրդի Խորհուրդի Խորհուրդի Նախագահ Նախագահ Նախագահ Պրն. Տիգրան ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ Արեւմտեան Հայաստանի Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան Վտարանդի Կառավարութեան Վտարանդի Կառավարութեան Վարչապետ
|