АРМИНФОЦЕНТР: ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2013ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, կազմակերպութեամբ SARF-Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ ֆոնտին, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղիի սրահը տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ մարմինը պարզեց մօտիկ ապագային իր ծրագրած մեծ եւ հասութաբեր դրամահաւաքի ձեռնարկին մանրամասնութիւնները: Ասուլիսին, Ֆոնտի ներկայացուցիչներ Զաւէն Խանճեանի ու Սոնա Մատարեանի կողքին ներկայ էին նաեւ արուեստագէտ Վարդան Գէորգեանն ու Քալիֆորնիահայ մամուլի եւ հեռատեսիլի ներկայացուցիչները: Նախ SARF-ի անունով խօսք առաւ ատենապետ Զաւէն Խանճեան, որ պարզեց սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահութեան ներկայ տխուր իրավիճակը եւ անկէ մեկնած՝ շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը՝ իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն: «Սուրիահայութեան տագնապը իր երկրորդ տարին բոլորեց՝ աւելի բարդանալով եւ լուրջ վտանգի ենթարկելով սփիւռքահայ մայր գաղութի բոլոր հայ հատուածները», ըսաւ Խանճեան: Ապա զեկուցաբերը պարզեց մեր հայրենակիցներուն կենսական կարիքներու պարագան: «Սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը գոյութեան եւ կեանքի պայքար կը մղէ: Իսկ մենք՝ ազգովին, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կուրցած՝ չենք տեսներ տագնապը այնպէս, ինչպէս որ է: Ամէն տեղ ճաշկերոյթ, հանդէս, Ապրիլ 24, 100ամեակ, նախագահական ընտրութիւններ, Րաֆֆիի ժողովրդական պայքար եւ այլն: Այս բոլորը ազգային եւ համայնքային մեր կեանքի անբաժան մասնիկներն են: Բայց մեր ազգային անմիջական օրակարգի վրայ՝ ո՛չ առաջնահերթ»: Ապա Խանճեան մեր ժողովուրդին յայտնեց իր երախտագիտութիւնը անցեալ տարուան վերջաւորութեան կազմակերպուած «Hye Aid» ձեռնարկի յաջողութեան առթիւ: «Ցարդ, այս առթիւ կատարուած աշխատանքներէն հանգանակուած աւելի քան 500 հազար տոլարին 450 հազարը փոխանցեցինք Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան միացեալ մարմինին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով»: Ատենապետ Խանճեան անդրադարձաւ նաեւ սուիրահայութեան դիմագրաւած զանազան եւ բազմազան մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք որակեց իբրեւ «ազգային աղէտ»: «Արդ, կոչ կ՛ուղղեմ համայն հայութեան, որ ազգային աղէտի համապատասխան տրամադրութեամբ, պատրաստութեամբ եւ միջոցառումներով զօրաշարժի ենթարկենք մենք զմեզ՝ դիմագրաւելու համար աղէտը երկու ճանապարհներով. ա. Շարունակել մարդկային ամէնէն տարրական օժանդակութիւնը՝ ապահովելու համար սուրիաբնակ սուրիահայութեան գոյապայքարը: բ. Մղել քաղաքական, եկեղեցական եւ բարեգործական մեր ղեկավարութիւնը եւ հայրենիքի դիւանագիտական ամբողջ կարողականութիւնը՝ պահանջելու առ որ անկ է վերջ տալ այս կործանիչ եւ գազանաբարոյ պատերազմին: Մենք պարտական ենք այդ սուրիական հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Չմոռնանք, որ ցեղասպանը իր ծանօթ դերին մէջ է այս տագնապի հոլովոյթին: Պէտք է ամէն գնով վիժեցնել անոր ծրագիրները», իր խօսքը ամբողջացուց Խանճեան: Իր կարգին, SARF-ի պատասխանատուներէն Սոնա Մատարեան անդրադառնալէ ետք Սուրիահայութեան օժանդակ մարմինի ծնունդին՝ երախտապարտ զգացումներով արտայայտուեցաւ դրամահաւաքի բնոյթ կրող ցարդ կազմակերպուած ձեռնարկներուն՝ մեր հայ գաղութին ցուցաբերած զօրակցութեան մասին: «Առանց մեր ժողովուրդի զօրակցութեան, կարելի չէ ծրագիր յաջողցնել: Հայու հաւատքով, հայու կամքով եւ գիտակցութեամբ, մեր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուեցան»: Խօսելով նոր ծրագիրի մասին՝ Մատարեան պարզեց, թէ յառաջիկայ Յունիս 9ին, Հոլիվուտի Dolby Theatre-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ SARF-ի կազմակերպած «Hye Aid-2» ծրագիրը, սիրայօժար մասնակցութեամբը գաղութիս «Գէորգեան» պարի ակադեմիոյ, ինչպէս նաեւ՝ հայրենի հանրայայտ երգչուհիներ Լէյլա Սարիբէկեանի եւ Սիլվա Յակոբեանի: «Եկէք եւ միացէք մեզի, միասնաբար վայելելու իր տեսակին մէջ անզուգական պարային եւ գեղարուեստական այս մեծ յայտագիրը: Եկէ՛ք ու միացէք մեզի ձեր ներկայութեամբ, ձեր լումայով եւ միասնական ուժերով, ազգային գիտակցութեամբ եւ հոգեկան հպարտութեամբ յաջողութեամբ պսակելու համար մեր այս մեծ ու նոր նախաձեռնութիւնը, յանուն մեր մայր գաղութի կարիքներուն»: «Գէորգեան» պարի ակադեմիոյ հանրածանօթ ղեկավար եւ պարուսոյց Վարդան Գէորգեան, իր սրտի խօսքով նախ անդրադարձաւ 20 տարիներէ ի վեր գաղութիս մէջ մեծ յարգանք եւ դիրք վայելող՝ աւելի քան 500 երկսեռ (5-25 տարեկան) անդամներէ բաղկացած իր խումբին, ապա՝ «Hye Aid-2»ի նոր ձեռնարկին: «Բոլորս գիտենք, թէ ի՛նչ է կատարւում Սիրիայում: Հայը հային ձեռք պէտք է երկարի: Մեր այս մեծ համերգով պիտի կարողանանք մեր խօսքը ասել եւ մեր բաժինը բերել հայապահպանման այս մեծ աշխատանքում: Բոլորս հասկանում ենք, թէ սա սովորական տարեկան համերգ չէ, այլ բարձրորակ մի մեծ ձեռնարկ: Հրաւիրում ենք բոլորդ ձեր ներկայութեամբ սուրիահայի օգնութեան գաղափարին նեցուկ կանգնելու», ըսաւ ան: Ապա ան յիշեց, թէ բացի հայրենի երկու երգչուհիներէն, գաղութիս արուեստագէտներէն Ռազմիկ Մանսուրեան եւ ուրիշներ նաեւ, սիրայօժար կերպով մաս պիտի կազմեն օրուան ճոխ յայտագիրին: Մամլոյ ասուլիսի պաշտօնական բաժինի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի բաժին, որուն ընթացքին ատենապետ Խանճեան պարզեց SARF-ի բաղադրիչ մարմինները, որոնք արդէն սկսած են լուրջ աշխատանքի՝ ծրագրուած համոյթը յաջողութեամբ պսակելու համար: Առ ի յիշեցում, յայտարարուեցաւ՝ Ձեռնարկի թուական՝ Կիրակի, 9 Յունիս, 2013, երեկոյեան ժամը 6ին. Վայր՝ Dolby Theatre (6801 Hollywood Blvd. Los Angeles). Ձեռնարկի յայտագիր՝ Գէորգեան Պարի Ակադեմիա, մասնակցութեամբ Լէյլա Սարիբէկեանի, Սիլվա Յակոբեանի՝ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ գաղութէս արուեստագէտներու: Տոմսերու համար՝ դիմել 818-618-2348 եւ 818-265-0506 թիւերուն, կամ՝ Itsmyseat.com/HyeAid: Источник: Asbarez.com
|