АРМИНФОЦЕНТР: Национальный Совет Западной Армении (резиденция
в Париже) распространил заявление, в котором отвечает на статью турецкого журналиста Орхана Кемаля Черкиза опубликованную в
газете «Радикал» (на армянском языке) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կը պատասխանէ «Ռատիքալ»ի Յօդուածին Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «յօդուածագիրը` թուրք լրագրող, հրապարակախօս Օրհան Քեմալ Ճենկիզը կը կարծէ, որ «Միջազգային որեւէ դատարան Հայկական Հարցի ծիրէն ներս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չի կրնար մեղաւոր ճանչնալ»: Ապա կը հակադարձէ,- «Արժէ յօդուածագրին հարցնել` ինչո՞ւ այդպէս միանշանակ, իսկ ո՞վ է Օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդը, կամ ո՞վ չի գիտեր, որ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չի կիրառուիր, որ կը նշանակէ, թէ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, իբրեւ Օսմանեան Թուրքիոյ ժառանգորդ, պատասխանատու է 1894-1923-ին թրքական երեք` օսմանեան, երիտթրքական, քեմալական, կառավարութիւններու կողմէ իրականացուած մարդատեաց, ռասիստական ու հայատեաց քաղաքականութեան համար, որուն համար եւ պէտք է հատուցէ»: «Հայոց ցեղասպանութիւնը չի սահմանափակուիր 1915-ով: Եթէ թերթելու ըլլանք վերջին
150 տարիներուն պատմութիւնը՝ վեր պիտի յառնեն 1894-1896-ի` Կիլիկիոյ, 1909-ի` Ատանայի կոտորածները, 1915-17-ի` Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքին իրականացած հայերու համապարփակ ցեղասպանութիւնը, 1918-23-ի` կոտորածները, ջարդերն ու բռնագաղթը»,– կը նշուի ԱՀ ազգային խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազգային խորհուրդը (նստավայր Փարիզ) յայտարարութիւն տարածած է, որուն միջոցով կ'արձագանգէ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ տպագրուած թուրք լրագրող, հրապարակախօս Օրհան Քեմալ Ճենկիզի յօդուածին, նկատելով, թէ Թուրքիան բազմաթիւ ու բազմազան ձեւեր կը կիրառէ «Հայութեան զարկերակը շօշափելու համար, անոնցմէ մէկն ալ «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ տպուած թուրք լրագրողի յօդուածն է»:
Перепечатано в Azadkhosk.com
|