АРМИНФОЦЕНТР: Публикуем полный официальный текст обращения Национального Совета Западной Армении к президенту Турции Абдуллаху Гюлю, с требованием полного признания Геноцида армян, который нам предоставили в Правительстве Западной Армении в изгнании
(на армянском языке) ԴԻՄՈՒՄ,
ՊՐՆ. ԱՊՏԻՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ, ԱՆԳԱՐԱ
Պարոն
Նախագահ,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Արեւմտեան Հայաստանի
Հայերու Համագումարը (արձանագրուած՝ ՄԱԿ-ի
հետեւեալ յանձնախումբերուն, ՄՍՀԿ - Մտաւոր Սեփականութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն,
ԲԺԻՓԿ - Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներու Փորձագէտ Կազմութիւն եւ ՏՆՏԸՆԽ - Տնտեսական
եւ Ընկերային Խորհուրդ), ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը,
նստավայր ունենալով Փարիզ, ՖՐԱՆՍԱ՝ սոյն
պաշտօնական նամակագրութեամբ կը պահանջէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կառավարութենէն՝ պաշտօնապէս ճանչնալ 1894-1923 թթ. օսմանեան,
երիտթուրքական, քեմալական կառավարութիւններու կողմէ՝ հայութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած շարունակական ոճրագործութիւնը,
այսինքն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան փաստը, եւ միանգամայն վերջ տալ ժխտողականութեան
քաղաքականութեան:
Երեք Թրքական կառավարութիւններու կողմէ նախապէս ծրագրուած եւ
իրականացուած ոճրագործութիւններու առ ի հետեւանք, հայութիւնը ունեցաւ մօտ երկու միլիոն
նահատակ: Իսկ բռնագաղթի, հայրենազրկման եւ ուծացման ենթարկուեցան աւելի քան մէկ միլիոն
հայ:
Այսօր, որպէս բնիկ ժողովուրդ, մօտաւորապէս տասը միլիոն հայեր,
Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարած հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով՝ կ՛ապրին իրենց հայրենիքէն դուրս, ու կ՛ենթարկուին
ձուլման եւ ոչնչացման:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Վտարանդի կառավարութիւնը
կտրականապէս կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քաղաքականացուած կեդրոնացումը միայն
1915 թուականի վրայ:
Ցեղասպանութիւնը սկսուած է 1894 թուկանէն Սասունի ջարդերով,
որու նպատակով 1891 թուկանէն նախապէս կազմուած էին համիտեան գունդերը:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ վտարանդի կառավարութիւնը
Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստը կը բաժնէ երեք ժամանակաշրջաններու.
1. 1894 – 1896 թթ. Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը,
2. 1909 թ. Հայկական Կիլիկիոյ՝ Ատանայի ջարդերը, երիտթուրքերու կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը,
3. 1915 – 1923 թթ. երիտթուրքերու եւ քեմալական կառավարութեանց
կատարած ցեղասպանութիւնը:
Ըստ այնմ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութենէն կը պահանջուի
1894 – 1923 թթ. Հայերու դէմ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեան
փաստի ամբողջական ճանաչումը, հիմնուած պատմական-իրաւական արխիւային փաստաթուղթերու
վրայ.
- «1915 թ. մայիս 24-ին
Երրեակ Համաձայնութեան տէրութիւնները՝
Մեծն Բրիտանեան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը, առաջինն էին որոնք հանդէս եկան Օսմանեան կառավարութեան
կողմէ հայերու բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ համատեղ մէկ յայտարարութեամբ, որով Օսմանեան
կառավարութեան կողմէ հայերու նկատմամբ ի գործ դրուած բռնութիւններն ու ջարդերը որակեցին
իբրեւ «Թուրքիոյ նոր ոճիրները ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան»:
- 1919 թ. Կ. Պոլսոյ ռազմական յատուկ ատեանի վճիռները:
- 1965 – 2010 թթ. ցեղասպանութիւնը դատապարտած պետութիւններու
ցանկը:
- 1984 թ. ժողովուրդներու մշտական ատեանի վճիռը:
- 1985 թ. ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի որոշումը:
- 1987 թ. Եւրոպական Խորհրդարանի որոշումը:
- 2007 թ. «Բնիկ Ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրը:
- 2011 թ. Արժանթինի գերագոյն ատեանի վճիռը: Պրն.
Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան
Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ
Պրն.
Տիգրան ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ
Արեւմտեան
Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան Վարչապետ
Փարիզ, 18 Ապրիլ 2011
|