АРМИНФОЦЕНТР: Предлагаем читателям статью главного редактора газеты
«Аздак»
(«Ազդակ») Шагана Гантааряна о секретных архивах Ватикана про геноцид армян в Османской империи, которые в ближайшее время будут преданы гласности
«Архивы Ватикана и следующий этап»
на армянском языке.
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի արխիւներու հրապարակման լուրը տակաւ լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ իր վրայ։ Ամէն բանէ առաջ անշուշտ ընտրուած ժամանակահատուածը մտածել կու տայ քաղաքական հաւանական շարժառիթներու եւ ա՛յս պահուն Թուրքիոյ վրայ նոր ճնշամիջոցներ գործադրելու մասին։ Ի հարկ է բացարձակ հաստատումներ կատարելը այս ուղղութեամբ յարիր չէ քաղաքական տրամաբանութեան։ Այսուհանդերձ, հարցադրումը պարտադիր է։ Ինչո՞ւ հիմա՛ կ՛որոշէ Վատիկանը հրապարակել այս ժամանակաշրջանին կտրուածքով եւ տուեալ ժամանակի պարունակին մէջ տեղադրուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւները։
Վատիկանի օրուան դիրքորոշումները, Լեօ 13րդ պապին յորդորները սուլթան Ապտըլ Համիտին, պապական ներկայացուցիչներուն տեղակագրումները իրադարձութիւններուն մասին՝ այս ամբողջը պիտի գան լուրջ հարուած հասցնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան։ Անկէ առաջ սակայն, անհրաժեշտ է պատկերացնել Վատիկանի կատարելիք հրապարակումներուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին վրայ՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանեալ կարգավիճակը արմատապէս համոզիչ դարձնելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւններուն վրայ։
Ճիշդ է. Պէտք է սահմանազատել հասարակութեան մօտ ստեղծուելիք համոզումն ու պետութիւններու որոշումներուն վրայ ունենալիք վճռորոշ հանգամանքը։ Երկրորդի պարագային իրադրութիւններու ճշմարտացիութիւնը բաւարար չէ դիրքորոշուելու, իրերը իրենց անուններով կոչելու համար։ Սակայն, վերադառնալով քաղաքական շարժառիթային տրամաբանութեան, պահի ընտրութիւնը՝ նման արխիւներու հրապարակման առ նուազն կրնայ նախանշել համաեւրոպական տրամադրուածութիւն մը կարեւոր ճնշամիջոց գործադրելու համար Թուրքիոյ դէմ։
Ի վերջոյ Վատիկանի արխիւներու համապատասխան խորհուրդը միայն գիտականութենէ եւ արխիւագիտութենէ թելադրուած ըլլալու չէ, նման որոշումներ կայացուցած ըլալու համար։
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով ենթադրելի է որոշ չափով, թէ որքան անհանգստութիւն պատճառած կ՛ըլլան Վատիկանի այս բաժանմունքի պատասխանատուները իրենց այս որոշումով՝ ժխտողականներուն համար։ Թրքական մամուլը աշխուժացած է այս ուղղութեամբ։ Թրքական «Ուաթան»ը փութկոտութեամբ դիմած է Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու մոնսէնիոր Սերժիօ Պականոյին այս մասին տեղեկութիւններ քաղելունպատակով։
Վատիկանի պաշտօնակատարի հայթայթած սեղմ տեղեկութիւնները յատկանշուած են մանաւանդ հայ մանուկներու նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած ջարդերու նկարագրականով։ Բացի զգայացունց նկարագրականներէն Վատիկանի հոգեւորականին ընտրած թեման՝ հայ մանուկները, հիմնովին կը հարուածէ թրքական ժխտողական քաղաքականութեան հիմերը։ Այստեղ համայն մարդկութեան գութը շարժող եւ ընդվզումի ալիքի բարձրացման իրողութեան առընթեր կը չէզոքացուին թրքական թեզերը՝ զինեալ բախումներու, երկկողմանի զոհերու, ռուսական բանակներուն օգնած ըլալլալու եւ զանգուածային »տեղափոխութիւն» կազմակերպած ըլալու։ Տեղեկութիւններու այս նմուշին մէջ, պարզապէս մանուկներուն նկատմամբ գործադրուած ջարդի վկայութիւններու մասին է խօսքը։
Վատիկանէն ուզուած բացատրականին դիմաց այս նախաբանը բարացուցական է։ Կաթոլիկ աշխարհի կեդրոնէն հրապարակելի արխիւներու այս ահազանգը կրնայ բեկումնային նշանակութիւն ունենալ ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան, իրողականութեան եւ անհերքելիութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն համար։ Վատիկանի արխիւները, յայտնապէս նկատառելի լուսարձակներ պիտի շարունակեն խլել այս թղթածրարով զբաղող գիտական շրջանակներէն։
Հայկական կողմին համար, այս կարեւոր իրականութիւնը պարզապէս պիտի վերհամոզէ, որ փաստացիութեան հանգրուանը աւելիով ամրագրուած է եւ պահն է հատուցման իրաւականութեան ուղղութեամբ ուժերը կեդրոնացնելու։
Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր, Юсисапайл
|