АРМИНФОЦЕНТР: Կտրականապէս կը հերքենք Ատրպէյճանի իշխանութեանց տարածած ապատեղեկատուութիւնը, թէ իբր մեր կազմակերպութիւնը նամակներ յղած է Պուտափէշթի մէջ իրենց դեսպանատան՝ սպառնալով անոր անձնակազմին: Որպէս կազմակերպութիւն, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը երբեք չէ առնչուած տարածաշրջանին մէջ ատրպէյճանական գաղութարարական եւ ծաւալապաշտական գործունէութեան հետ, հետեւաբար, կը հերքենք նաեւ մինչեւ հիմա մեր անունով կատարուած նմանատիպ ապակողմնորոշող եւ կեղծ լուրերն ու յայտարարութիւնները: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ժառանգական, բռնապետական, թագաւորական վարչակարգի վերածած Ալիեւներու գերդաստանը նման մանկական ապատեղեկատուութիւն տարածելով կը փորձէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իր վերջին խայտառակութենէն՝ դատապարտուած մարդասպան ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու ու զայն հերոսացնելու անբարոյական արարքէն: Աշխարհն ականատես դարձաւ, թէ ինչպէս ատրպէյճանական բարբարոսական ցեղամոլութենէն երկար տասնամեակներ տառապած Արցախի հերոս ժողովուրդի մարտունակ եւ բարոյական բանակը, յանուն հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան, գրեթէ ամբողջապէս ինքնուրոյնաբար եւ առանց արտաքին նեցուկի, միայն աշխարհասփիւռ հայութեան ներոյժին աջակցութեամբ գլխովին ջախջախեց ալիեւեան վախկոտ վարձկանները, որոնք միայն ունակ են հայ զինուորը կացինահարել անոր քնացած պահուն՝ դառնալով Ալիեւ գերդաստանի հերոսի տիպարը եւ աշխարհի առջեւ բացայայտելով արդարութեան ու միջազգային իրաւունքի ատրպէյճանական ըմբռնումը: Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ազատագրութիւնն էր ու կը շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան, բնականաբար նաեւ Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի գլխաւոր առաքելութիւնը: Մեր նպատակն անշեղ է: Թուրքիան չի կրնար փախուստ տալ պատմութեան դատաստանէն եւ միլիոնաւոր անմեղ հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն: Թուրքիան չի կրնար պետութիւն կառուցել ցեղասպանութեան ենթարկած ժողովուրդի ոսկորներուն վրայ: Տարածաշրջանի ժողովուրդներուն զարթօնքը արդէն իսկ կը թակէ Անգարայի գաղութատիրական վարչակարգին դուռը, եւ կասկած չի կրնար ըլլալ, որ հայ ու քիւրտ ժողովուրդները պիտի վերականգնեն իրենց ոտնահարուած իրաւունքներն ու պիտի ազատագրեն իրենց բռնագրաւուած Հայրենիքները թուրք գաղութարարներուն ճիրաններէն: Յաղթանա՛կ հայ ժողովուրդին: Արդարութի՛ւն իրաւազրկուած բոլոր ժողովուրդներուն: 11 Սեպտեմբեր 2012 Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ Источник: Haynews.am
|