ՈՐՈՇՈՒՄ
թիւ 1/2011 – 29.03.2011 թ.
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
«ՉԷԶՈՔ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՁԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ» ՀԱԱԿԱ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1907 Թ. ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ (Convention V)
ԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ՀԻՄԱՄԲ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ -
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՄՇՏԱԿԱՆ, ԶԻՆՈՒԱԾ, ԴՐԱԿԱՆ ՉէԶՈՔՈՒԹԻՒՆԸ
Ն Ա Խ Ա Բ Ա Ն
Նկատի առնելով մարդկութեան եւ հայութեան կրած մարդկային, հոգեւոր, մշակութային, նիւթական եւ տարածքային կորուստները Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ,
Հաշուի առնելով այն ճշմարտութիւնը, որ մարդկութիւնն այսօր կը գտնուի հոգեւոր-մշակութային, բարոյա-հոգեբանական եւ տնտեսա-քաղաքական խոր ճգնաժամի մէջ, որոնք կ’ սպառնան քաղաքակրթութիւններու բախման եւ Երրորդ համաշխարհային պատերազմի հրահրման,
Նկատի ունենալով «Չէզոք պետութիւններու եւ անձանց իրաւունքներու եւ պարտաւորություններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ» Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութիւնը (Convention V), որպէս մարդկութեան եւ հայութեան իրաւական ուղիղ ճանապարհ՝ խուսափելու համար ազգամիջեան եւ միջկրօնական բախումներէ, նաեւ հակամարտութիւններէ եւ պատերազմներէ,
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ Արեւմտեան Հայաստանի պետականութեան բացակայութիւնը ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պատճառաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեանը իրաւականօրէն զրկեց նոյնինքն՝ «Չէզոք պետութիւններու եւ անձանց իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ» Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութեան (Convention V) մաս կազմելու հնարաւորութենէն, ինչպէս նաեւ՝ համապարփակ ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու իր բնական իրաւունքէն, որով Հայկական պետականութիւնը, իբրեւ անկախ իշխանութիւն, եթէ գոյութիւն ունենար՝ անպայմանօրէն պիտի օգտուէր «Չէզոք պետութիւններու եւ անձանց իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ»՝ Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութեան (Convention V) դրոյթներէն, նաեւ խաղաղութեան առաջին պայմանագրէն՝ 1899 թ.:
Անհրաժեշտ համարելով ընդգծելու այն փաստը, որ յատուկ վերյիշեցման ու գնահատման արժանի է, երբ 1915 թ. մայիս 24-ին Երրեակ Համաձայնութեան տէրութիւնները՝ Մեծ Բրիտանեան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը, առաջինը հանդէս եկան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ համատեղ մէկ յայտարարութեամբ, որով Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու նկատմամբ ի գործ դրուած բռնութիւնները որակեցին իբրեւ «Թուրքիոյ նոր ոճիրը ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան» (1):
Հիմնուելով պատմական այն փաստի վրայ, որ Հայկական Կիլիկիան անկախութիւն հռչակեց 1920 թ. օգոստոս 4-ին, բայց Ֆրանսա, շրջանցելով 1915 թ. հոկտեմբեր 27-ին Հայկական Կիլիկիոյ ինքնավարութեան վերաբերեալ համաձայնութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութեան արեւելեան բաժնի պետ Ֆրանսուա Ճորճ-Փիքօդի միջեւ, զինաթափեց ու լքեց Կիլիկիոյ հայերը, որու հետեւանքով Կիլիկիոյ անկախութիւնը չգոյատեւեց (2):
Այս տարին այն ժամանակաշրջանն էր, երբ, յենուելով միջազգային ընդունուած չափանիշներու վրայ, Օսմանեան կայսրութիւնը անդամայատուեցաւ, եւ որու հիման վրայ ստեղծուեցան նոր, անկախ արաբական պետութիւններ:
Հիմնուելով նաեւ այն իրողութեան վրայ, որ 1918 – 1920 թթ. Հայկական Աշխարհի ազատագրական պայքար մղող նահանգները՝ Նախիջեւան, Զանգեզուր, Արցախ, Ջաւախք եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ոտնձգութիւններու ենթակայ դարձան թուրքական եւ ազրպէյճանական զինեալ ոյժերու կողմէ,
Եւ այն հանգամանքը, որ մինչ 1920 թ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը անդամակցութեան խնդրանքով Ազգերու Լիկայի ուղղած դիմումի պատասխանը կ’ սպասէր, Քեմալական Թուրքիա նոր յարձակման կ’ ենթարկէր Հայաստանն ու հայութիւնը՝ տապալելու համար Սեւրի Դաշնագրի դրոյթներու եւ ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Ուուտրո Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի իրագործումը Հայաստանում,
Ինչպէս նաեւ պատմական այլ իրադարձութիւններ, որոնք տասնամեակներ շարունակ արգելափակեցին հայ ժողովուրդի ազատ, ինքնիշխան զարգանալու եւ յառաջընթացի իրաւունքը իր իսկ տարածքներուն վրայ՝ իբրեւ բնիկ ժողովուրդ:
Եւ վերջապես, ՄԱԿ-ի հռչակած միջազգային սկզբունքներու եւ չափանիշներու համաձայն, վերահաստատելով մեր յանձնառութիւնը հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին` նպաստելու համար տարածաշրջանային խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը, ապահովելու համար ժողովուրդներու ազատ զարգացման եւ յառաջընթացի իրավունքը,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը սոյն որոշմամբ
Կը յայտարարէ՝
1. Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութիւնը բռնագրաւուած Երկրամասի՝ Արեւմտեան Հայաստանի տը իւրէ (de jure) եւ տը ֆաքթօ (de facto) տարածքներու վրայ, նկատի ունենալով առաջին հերթին`
ա) ինչպես Հայաստան – Թուրքիա սահմանազատումը` համաձայն ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Ուուտրո Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի, 22 նոյեմբեր 1920 թ. (3),
բ) այնպես էլ պատմական Հայաստանի, այդ թվում` Արեւմտյան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ, համաձայն՝ ՄԱԿ-ի «Գաղութային երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն անյապաղ անկախութիւն տրամադրելու մասին» Հռչակագրի, 14 դեկտեմբեր 1960 թ.,
գ) եւ վերջապես, Արեւմտյան Հայաստանի նկատմամբ, որպէս բնիկ ժողովուրդ, Արեւմտյան Հայաստանի Հայերի ունեցած` պատմական, ծագումնաբանական, մշակութային, քաղաքակրթական, պետականաստեղծ անժխտելի, անբեկանելի եւ անժամանցելի իրաւունքները՝ համաձայն ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագրի, 13 սեպտեմբեր 2007 թ.:
2. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան Յայտարարութիւնը կը տարածուի, թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած եւ թէ՛ տակաւին չստացած բոլոր հայերու վրայ՝ հիմք ընդունելով այն փաստը, որ անոնք սփիւռքա-հայեր չեն, ինչպէս կը ներկայացուին մինչեւ օրս, այլ Հայոց ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի հետեւանքով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած Արեւմտեան Հայաստանի Հայեր:
3. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, ներառեալ` Հայկական գաղթավայրերու բնակչութիւնը, ժամանակակից աշխարհի մէջ տեղի ունեցող նախայարձակ պատերազմներու, յեղաշրջումներու, ազգամիջեան եւ միջկրօնական ընդհարումներու, նաեւ այսպէս կոչուած քաղաքակրթութիւններու բախման, եւ անոնցմէ բխող բռնութիւններուն, կոտորածներուն եւ ցեղասպանութիւններուն, առաւել, հրահրուած կամ ուղղորդուած քաոսային վիճակներուն չմասնակցելու իրաւունք ունի, համաձայն` «Չեզոք պետություններու եւ անձանց իրավունքներու եւ պարտավորություններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ»` Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութեան (Convention V):
4. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, ներառեալ` Հայկական գաղթավայրերու բնակչութիւնը, յաջորդական բռնութիւններէ, յարձակումներէ, բռնագաղթերէ ու կոտորածներէ պաշտպանուելու, ինչպէս նաեւ իր բնակութեան երկիրը արտաքին յարձակումներէ պաշտպանելու իրաւունք ունի, համաձայն` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի, որ կը շեշտէ` «Անհատական եւ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»:
5. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, ներառեալ` Հայկական գաղթավայրերու բնակչութիւնը, իր բնակութեան երկրի կողմէ այլ երկրի նկատմամբ իրականացուած յարձակման ու ներքաղաքական բախումներուն, նաեւ քաղաքացիական կռիւներուն չմասնակցելու իրաւունք ունի, համաձայն` «Չեզոք պետություններու եւ անձանց իրավունքներու եւ պարտավորություններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ»` Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութեան (Convention V):
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու խաղաղ ու անվտանգ ապրելու եւ զարգանալու օրինակ ունինք Լիբանանի հայ համայնքի քաղաքական առաջատար ուժերու միացեալ յայտարարութիւնը` 1975-1990 թթ. տեղի ունեցած ներքաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման խնդրով, որ բնորոշուեցաւ իբրեւ «Լիբանանի հայութեան դրական չեզոքութիւն»:
6. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, բոլոր այն դէպքերուն, երբ հարկադրուած են պաշտպանելու իրենց Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութիւնը՝ կը կազմակերպեն հասարակական կարգի եւ համայնքի անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ տարածքային ապահովութեան զինուած ոյժեր, համաձայն` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի, որ կը շեշտէ` «Անհատական եւ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»:
7. Ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, նոյնպէս Հայոց Հայրենիքէն տարբեր ժամանակաշրջաններուն, տարբեր պատճառներով բռնագաղթուած ու տարագրուած հայութիւնը՝ բարոյական, պատմական, քաղաքակրթական, քաղաքական եւ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքներն ունին կիրարկելու Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, այն պատճառով, որ մինչեւ օրս Ազգերու Լիկան, ապա ՄԱԿ-ը ու Միջազգային ընկերակցութիւնը պատշաճ մակարդակով չեն պաշտպանած Հայաստանի ու հայութեան բնական, մշտական եւ անօտարելի իրաւունքները:
8. Այս առումով դատապարտելի են Ազգերու Լիկայի եւ ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերու պարունակած անընդունելի այն դրոյթները, որոնք տեղ գտած են առաջինի ստեղծած Միջկառավարական Խորհրդակցական Կոմիտէի որոշման մէջ` «Հայ փախստականներու հարցերու եւ լքած գոյքի մասին» (2 օգոստոս 1929 թ.) եւ երկրորդի` «Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումներու եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու զոհ դարձած անձանց իրաւական պաշտպանութեան եւ փոխհատուցման հիմնական սկզբունքներու եւ ուղեցոյցներու մասին» որոշման մէջ (թիւ 60/147 – 16 դեկտեմբեր 2005 թ.):
9. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը, ներառեալ` Հայկական գաղթավայրերու բնակչութիւնը քաղաքական քաշկռտուքներու եւ չարաշահութիւններու դաշտէն դուրս գալու եւ իր ազգային հիմնախնդիրներն իրաւական մէկ հարթութիւն տեղափոխելու իրաւունք ունի:
10. Աշխարհով մէկ սփռուած 10 միլիոն հայերը կարողութիւն ունին մեծամասնութիւն ապահովել եւ անվտանգութիւն հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հետեւաբար իրաւասու են եւ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ Ուիլսընեան Իրաւարար Վճռի տը ֆաքթօ (de facto) կիրարկումը:
11. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան կը յանձնարարէ` այսուհետեւ իր օրէնսդրական, իրաւական, հայեցակարգային, կառուցուածքային եւ կազմակերպչական գործունեութեան մէջ առաջնորդուիլ «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան» քաղաքականութեան իրաւական քաղաքական սկզբունքներու համաձայն, ըստ որու` «Արեւմտեան Հայաստանը Մշտական, Զինուած, Դրական եւ Անկախ, Ինքնիշխան Ժողովրդավար Պետութիւն է»:
12. «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան Մասին» Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Յայտարարութիւնը տը իւրէ (de jure) ուժի մէջ կը մտնէ յայտարարութենէն անմիջապէս յետոյ, իսկ տը ֆաքթօ (de facto)` Յայտարարութեան մասին աքտը Հոլլանտայի կառավարութեանը յանձնելէ 60 օր յետոյ, համաձայն`«Չեզոք պետություններու եւ անձանց իրավունքներու եւ պարտավորություններու մասին ցամաքային պատերազմի ժամանակ»` Հաակա, 18 հոկտեմբեր 1907 թ. Պայմանադրութեան (Convention V):
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ
——————————
Այլ լեզուներու թարգմանութեանց պարագային բնագիր կը համարուի փաստաթուղթի հայերէնը:
——————————
Ծանօթագրութիւն
1. î»ë, Le premier communiqué turc. Agence Télég. Wolff. Constantinople, le 4 juin 1915, L’Agence Havas avait publié, le 24 mai, la déclaration suivante, après une entente préalable entre les Gouvernements de France, de Grande-Bretagne et de Russie:
” Depuis un mois environ, les populations turque et kurde de l’Arménie procède, de connivence et souvent avec l’appui des autorités ottomanes, à des massacres des Arméniens. De tels massacres ont eu lieu vers la mi- d’avril (nouveau style) à Erzeroum, Terdjan, Eghine, Akn, Bitlis, Mouch, Sassoun, Zeitoun et dans toute la Cilicie ; Les habitants d’une centaine de villages aux environs de Van ont été tous assassinés ; dans la ville même, le quartier arménien est assiégé par les Kurdes. En même temps, à Constantinople, le Gouvernement ottoman sévit contre la population arménienne inoffensive.
En présence de ces nouveaux crimes de la Turquie contre l’humanité et la civilisation, les Gouvernements alliés font savoir publiquement à la Sublime Porte qu’ils tiendront personnellement responsables des dits crimes tous les membres du Gouvernement ottoman ainsi que ceux de ses agents qui se trouveraient impliqués dans de pareils massacres. "
«Գրեթէ մէկ ամիս է ի վեր, Հայաստանի թիւրք եւ քիւրտ բնակիչները օսմանեան հեղինակութիւններու թոյլատուութեամբ ու յաճախ անոնց նեցուկը ունենալով ջարդեր կը գործադրեն Հայերու դէմ: Նման ջարդեր տեղի ունեցան ապրիլի կէսին Էրզրումի մէջ (Կարին), Թերճան, Եղինէ, Պիթլիս, Մուշ, Սասուն, Զէյթուն եւ ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ: Վանի շրջակայ գրեթէ հարիւր գիւղերու հայերը բոլորն ալ սպաննուեցան եւ Վանի հայկական թաղամասը շրջապատուած էր քիւրտերու կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ օսմանեան Կառավարութիւնը չարչրկեցին Կոստանդնուպոլսոյ անպաշտպան հայ բնակչութիւնը:Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած Թուրքիոյ այս նոր ոճիռներու հանդէպ դաշնակից Կառավարութիւնները հանրապէս կը ծանօթացնեն Մեծ Դռան որ թուրք Կառավարութեան բոլոր անդամները անհատապէս պատասխանատու պիտի համարեն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն պաշտօնեաները որոնք մասնակից դարձան այս ջարդերուն»:
2. La Correspondance d’Orient, Revue économique, politique et littéraire
Le 30 janvier 1920,
Le Conseil Suprême reconnaît la Cilicie comme Etat Arménien, il est décidé :
1/ Que le gouvernement de l’Etat Arménien sera reconnu comme gouvernement de fait;
2/ Que cette reconnaissance ne préjuge pas la question des frontières éventuelles
de cet Etat.
2. La Correspondance d’Orient, Revue économique, politique et littéraire
Յունուար 30, 1920,
1/ Գերագոյն Խորհուրդը Կիլիկիան կը ճանչնայ որպէս Հայկական Պետութիւն,
որոշուած է,
2/ որ այդ ճանաչումը չի կանխադատեր այս պետութեան սահմաններու հարցը:
3. Իրաւարար Վճռի պաշտօնական և ամբողջական անվանումն է. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիոյ և Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դեպի ծով ելքի և հայկական սահմանին հարակից թուրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ», 22 նոյեմբեր 1920թ.:
3. Voici la Sentence Arbitrale officiel et complet ; "La décision du Président des Etats-Unis
d’Amérique pour la détermination de la frontière entre la Turquie et l’Arménie,
l’accès à la mer de l’Arménie et la démilitarisation de tout territoire turc adjacent”.