АРМИНФОЦЕНТР:
В Национальном Совете Западной Армении: Открытое письмо председателю Правительства России Владимиру ПУТИНУ по поводу сноса в г. Сочи памятника армянскому национальному герою - легендарному генералу российской армии Андранику Озаняну. (на арм. яз.)
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ՝ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻՆ
ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵԼԻՔ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,
Կը դիմենք Ձեզի՝ քաջ գիտակցելով, որ կը դիմենք այնպիսի անհատականութեան մը, որու համար թանկ է Հայրենիքի պաշտպանի եւ արդարութեան զինուորի կերպարն ու յիշատակը:
Սուվորովն ու Պուշկինը, Անդրանիկն ու Թումանեանը ոչ միայն ռուս եւ հայ ժողովուրդներու ազգային հարստութիւնն ու հպարտութիւնն են, եւ ըստ այդմ կը պատկանին ոչ միայն ռուս եւ հայ ժողովուրդներուն, այլեւ համայն մարդկութեան, յատկապէս մարդկային հասարակութեան այն առողջ հատուածին, զոր կը գիտակցի արիութեան ու արդարադատութեան ճշմարիտ գինն ու արժէքը:
Հետեւաբար ինչպէս Սուվորովի ու Պուշկինի յիշատակը պէտք է յարգուի որեւէ ժողովուրդի կողմէ եւ որեւէ պետութեան տարածքի վրայ, անոնց մշակոյթին ու գիտակցութեան հետ սերտօրէն առնչուելով, այնպէս ալ Անդրանիկի ու Թումանեանի յիշատակը իր արժանի տեղը պէտք է ունենայ յառաջադէմ ազգերու եւ պետութիւններու ազգային – մշակութային գիտակցութեան մէջ:
Այս իմաստով անհանգստացնող է եւ դատապարտելի Սոչիի մէջ տեղադրուելիք Զորավար Անդրանիկի յուշարձանի ծրագրին հետ կապուած անհարկի քաշքշուքները, որոնք սադրանքներու կերպարանք կառնին երբէմն:
Այս մտահոգութիւններէ մեկնած կը խնդրենք Ձեր անհատական միջամտութիւնը՝ ամբողջովին վստահելով եւ հաւատալով, որ այդպիսով միայն յառաջացած խնդիրն իր արդար եւ բնականոն լուծումը կը գտնէ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Ձեր ազգային – պետական շինարարութեանն ու գործին:
Յարգանքներով՝
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ՝
ՊՐՆ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ՝
ՊՐՆ. ՏԻԳՐԱՆ ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ
09.07.2011 թ. (опубликовано в московском Юсисапайле)
|